2014-08-15 07:31:25

Ս. Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխում` Խաղողօրհնէք, աւանդութիւն։


Այս տարի օգոստոսի 17-ին Հայ Եկեղեցին կը նշէ Սբ. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը` Հայ Եկեղեցւոյ հինգ Տաղաւար տօներէն չորրորդն է և Տիրամօրը նուիրուած տօներէն ամենահինը:

Հայ Եկեղեցին դարեր շարունակ խորին յարգանք և երկիւղածութիւն կը տածէ Աստուածամօր հանդէպ` շեշտելով Աստուծոյ մայր ըլլալու հանգամանքը, մաքրակենցաղութիւնը, անօրինակ խոնարհութեան ոգին, առաքինի վարքն ու նուիրուածութիւնը: Իսկ հայ կնոջ համար Սբ. Կոյսն առաքինի, հաւատաւոր մօր, ընտանեկան սրբութեան պահապանի մարմնացումն է:

Ս. Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխման տօնի օրը, Ս. Պատարագէն յետոյ, կը կատարուի Խաղողօրհնէք: Կ' օրհնուի նաև տարուայ ողջ բերքն ու բարիքը: Տօնին յաջորդող օրը` այս տարի օգոստոսի 18-ին, Մեռելոց է:
Բոլոր եկեղեցիներու մէջ հանգուցելաներու հոգիներու խաղաղութեան համար կը մատուցուի հոգեհանգստեան Ս. Պատարագ, որմէ ետք մարդիկ կարող են այցելել իրենց հարազատներու շիրիմները:
Ի պատրաստութիւն Վերափոխման տօնին շատ մը ժողովրդապետութիւններու մէջ աղօթքի իննօրեայ մը կը կատարուի միասնաբար եւ որդիաբար հայցելու Տիրամօր օգնութիւնը իրենց անհատական, ընտանեկան հարցերուն ու մասնաւորապէս հայցելու ազգային եւ միջազգային խաղաղութիւնը, Ինք որ եղած է Թագուհի Խաղաղութեան։
Նշենք որ Հայ Եկեղեցին սովոր է տօնէն առաջ մէկ շաբաթուայ ծոմ պահել լաւագոյնս մեծարելու Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը որ ինը օր կը տեւէ։









All the contents on this site are copyrighted ©.